2014-10-06 14:04:51

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին նուիրուած յատուկ կայքէջ` ''synod14.vatican.va'':


(Ռ.Վ.- 7 Հոկտեմբեր 2014) Ի տես Ընտանիքի նիւթին նուիրուած եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսին, որ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի մէջ, 4 – 19 հոկտեմբեր 2014 եւ որուն աշխատանքները սկիզբ առին երկուշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Վատիկանի ընկերային հաղորդամիջոցներու ջանքերով, լոյս տեսած է յատուկ կայքէջ մը ` synod14.vatican.va հասցէին վրայ, ուր օրէ օր պիտի տեղադրուին սիւնհոդոսի աշխատանքներու մասին լուրեր, տեղեկութիւններ, հարցազրոյցներ եւ լսատեսողական յայտագիրներ։
Կայքէջը կը պարունակէ նաեւ հակիրճ տեսերիզ մը Սիւնհոդոսի, անոր նշանակութեան եւ գործունէութեան մասին http://www.youtube.com/watch?v=e3kQeHnDHyc#t=16։








All the contents on this site are copyrighted ©.